2015-12-13 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Մեքսիքօ` 12 -18 փետրուար 2016։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 12 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ յառաջիկայ 13 Փետրուարին Ան Մեքսիքոյի մէջ պիտի այցելէ Կուատալուփի Տիրամօր Սրբավայրը հայցելու համար անոր բարեխօսութիւնը համայն Լատին Ամերիկայի ժողովուրդին համար, ողորմութեան յոբելենական տարուան առթիւ։

Արդարեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` յառաջիկայ  ուրբաթ`  12 փետրուար 2016-ի կէսօրուայ ժամը 12.30-ին, Հռոմի ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի դէպի Մեքսիքայի միջազգային ''Պենիթօ Սուարես'' օդակայան, սկիզբ տալով իր քահանայապետութեան 12-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան։

Սրբազան Հօր օդանաւը Մեքսիքօ կը ժամանէ 12 փետրուարի տեղական ժամով երեկոյեան ժամը 19.30-ին ուր տեղի կ՛ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն մինչ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը նախատեսուած է յաջորդ օրը` 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9.30-ին (տեղական ժամով), նախագահական պալատին մէջ ուր եւ Սրբազան Հայրը հանդիպում կ՛ունենայ երկրին նախագահին ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ։ Նախագահական պալատի մէջ կայացած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութենէն ետք ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներուն հետ ապա յետմիջօրէին Կուատալուփի Տիրամօր Պազիլիքայի մէջ կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Ճամբորդութեան երրորդ օրը Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով կը փոխադրուի ''Էքաթեփէք'' ուր  բացօթեայ սուրբ պատարագ կը մատուցէ եւ ապա Մեքսիքօ քաղաք վերադարձին կ՛այցելէ մանկաբուժական ''ֆետերիքօ Կոմէզ'' հիւանդանոցը որմէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչնեորւն հետ։

Երկուշաբթի 15 Փետրուարին Նորին Սրբութիւնը օդանաւով կ՛ուղղուի  ''Թուքսթլա Կութիերես'' որտեղէն ինքնաթիռով կը փոխադրուի Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազաս ուր Չափասի բնիկ հասարակութեան հետ կը հանդիպի հանդիսապետերով Սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցելով անոնց հետ։

Յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազասի աթոռանիստ Եկեղեցին իսկ երեկոյեան ''Թուքսթլա Կութիերես'' մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Մեքսիքայի  ընտանիքներուն հետ ու հանդիպումի աւարտին կը վերադառնայ Մեքսիքօ քաղաք։

Երեքշաբթի 16 փետրուար 2016-ին Սրբազան Հայրը օդանաւով կը մեկնի դէպի Մորելիա քաղաք, այնտեղ` օրուան ընթացքին, հանդիպում կ՛ունենայ Մեքսիքոյի կղերական դասին հետ անոնց հետ միասին մատուցելով սուրբ պատարագի զոհը ապա յետմիջօրէին կը հանդիպի Մեքսիքոյի երիտասարդներուն ու հանդիպումէն ետք`երեկոյեան կը վերադառնայ Մեքսիքօ քաղաք։

Չորեքշաբթի 17 փետրուարին, առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ հանգրուան` Չուտատ Թուարես քաղաքին, ուր Նորին Սրբութիւնը յատուկ այցելութիւն կը կատարէ բանտարկեալներուն. ապա կը մատուցէ առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը որմէ ետք հրաժեշտ առնելով Մեքսիքոյէն տեղական ժամով 19.15-ին կը բարձրանայ սաւառնակ ու վերադարձ կը կատարէ Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է 18 փետրուար 2016-ի ժամը 14,45-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.